Առաջ Նուպարը կար։ Մարաշ թաղին մէջ տեղ մըն էր, որ հիմա այլեւս գոյութիւն չունի։ Փլեցին եւ թաղը լայնցուցին. այսինքն փլեցին Նուպարին գրախանութը։ Առաջ, երբ մանուկ էր, իւրաքանչիւր վերամուտին մօրը հետ Նուպարին գրախանութը կ՚երթար ու դասագիրքերը գործածուած կը գնէր։ Նուպարը ծեր մարդ մըն էր, ժպիտով։ Դէմքը չի յիշեր հիմա, բայց կը յիշէ Նուպարը իր ամբողջութեամբ, իր մշակոյթով։ Վերջին յիշատակը Նուպարէն, անոր՝ Քառասնից Մանկանց վարժարանին պզտիկ դրան դիմաց նետուած սրճագոյն գրադարաններն էին։ Օր մը, Քառասուն Մանուկ վարժարանէն արձակուած ժամանակ Նուպարը տեսաւ պատին տակ շարուած սրճագոյն գրադարաններուն առջեւ վիզը ծուռ նստած։ Ըսին, որ քովի խաղալիքի խանութը իր տղուն կը պատկանէր եւ տղան իր ցուցափեղկերէն մէկուն առջեւ տեղ տուած էր իրեն։

Այսօր ան գրախանութ մը փնտռեց Պուրճ Համուտի մէջ։ Գրախանութ մը, որ անցեալէն մնացած ըլլար։ Նուպարը յիշեց։ Յետոյ Ոսկեդար ուղղուեցաւ։

Աչքին տակէն հետեւելով իր նստարանին մօտեցողին, շարունակեց անտարբերօրէն լեզուն քսել «ուարա՚ շէմ»ին ու ապա մատներուն մէջ առնելով թուղթը ոլորեց զայն։ Աղջիկը, որ նստած ժամանակ քիչ մը շարժեց սրճագոյն նստարանը, պայուսակին մէջ սուզուած բան մը սկսաւ փնտռել։ Նստարանին շարժումէն ետք աչքերը ուղղեց աղջկան ու զննեց անոր կանաչ մազափունջերը։  Չխ ընելով վառեց իր հրահանը ու մօտեցուց աղջկան շրթունքներուն մէջ մնացած ծխախոտին։ Աչքերը իրար հանդիպելով ժպտացին։ Աղջիկը, որ նստարանին դիմացի կողմը նստած էր, մօտեցաւ յառաջ ու արտօնեց, որ ծխախոտին ծայրը այրի։ Ինք՝ առանց կրակը մարելու հրահանը մօտեցուց իր ծխախոտին ու այդ մէկն ալ վառեց։

-Տաք է, շատ…

-[Ժպիտ]

-Պէյրութ մի՞շտ ասանկ է։

-Այսօր աւելի։

-[ժպիտ]

 

 

Մինչեւ կանաչ կամուրջը հասնիլը, հանրակառքին բոլոր յաճախորդներուն հետ զրուցեց կանաչ կամուրջին եւ Լիբանանի մէջ կանաչ գոյնի չգոյութեան մասին։ Սակաւախօսները արդէն սկսած էին նեղանալ խօսակցութենէն ու իրենց գլուխները քառասունհինգ աստիճանէն աւելի դարձուցած էին դէպի պատուհանին կողմ։ «Աման պապամ կարեւորը ճիշդ վայրը հասնիմ» մտածեց, «ո՞վ ըսաւ, որ ասկէ ետք ասոնց դէմքերը պիտի տեսնեմ կամ նոյնիսկ յիշեմ»։ Չէ՞ որ մարդոց միջեւ յարաբերութեան մակարդակի չափանիշը անոնց հանդիպումներն են։ Չէ՞ որ մարդոց իրար հետ վերաբերմունքը կախեալ էր անոնց միջեւ գոյացած յարաբերութենէն։ Փոխադարձութիւն։ Չէ՞ որ մարդիկ կարեւոր չէին նկատեր թէ ինչ կը պատահէր ետեւի ջրհեղեղին մէջ մնացածներուն հետ։ Միշտ ալ կարծած էր, որ ինքն էր կամրջաքանդ գետը, բայց ինք կամուրջն էր։ Սթափեցաւ երբ նշմարեց կամուրջը։ Կամաց-կամաց ոտքի ելաւ, քովէն հազար լիբանանեան ոսկի հանեց ու ափը բացած վարորդին մօտեցաւ։ Վարորդը քիչ առաջուան ժպիտը դէմքին այս անգամ վերէն վար չափելով ըսաւ «հահա, ու՞ր կ՚ապրիս տիւմազէլ, ասի կառավարական հանրակառք չէ, հազար հինգ հարիւր եա հապիպի» (անշուշտ արաբերէնով, շատ հաւանաբար ալ Թրիփոլիի բարբառով, չէր կրնար զանազանել որ)։ Այդպէս ալ ըրաւ ու վայրկեան մը առաջ փախուստ տուաւ Հապիպիէն։

Պատուհանները գոց հանրակառքը ընտրեց. մտածեց, որ օդափոխիչ կ՚ունենայ մէջը։ Նստելու չհասած արդէն վարորդը սուրաց յառաջ եւ ուսերուն դրած կտորէ երկու պայուսակները մէյ մը աջ կողմինին ճաղատ գլխուն, մէյ մը ձախ կողմի տիկնոջ գլխուն հարուածեցին։ Բարձրաձայն «Եա Ալլա՜» մը յառաջեց ու «Սօրի» ըսելով փորձեց տեղաւորուիլ ամէնէն մօտ պարապ աթոռին վրայ։ Նստելէն ետք յիշեց, որ չէր գիտեր ճիշդ ուր պէտք էր իջնէր։ Հեռախօսը առաւ ու ձայնային կարճ նամակը անգամ մը եւս լսեց, յետոյ ողնայարը շտկեց, կզակը վեր ըրաւ, հայելիին մէջէն վարորդին աչքերը փնտռեց ու բարձրաձայն ըսաւ, «Ուահիէթաք, պդտլնի լաման նուսալ ա ճըսր ըլ ախտար պա՚տ ըլ թունէլ» (ըսել ուզեց, որ վարորդը զինք տեղեկացնէր երբ փապուղիէն ետք կանաչ կամուրջը հասնէին)։ Վարորդը յօնքերը բարձրացուցած զարմացած դէմքով հայելիէն իրեն նայեցաւ, թեթեւ ժպիտ մը ուրուագծեց ու մռլտաց, «ինշալլա»։