«ըխք»

Փախուստ չկար։ Ծխախոտը հանած էր արդէն, եւ թոքերուն ու կոկորդին ու ակռաներուն եւ լեզուին ու փիս-միկրոպ շրթունքին ամբողջ մանրէները հիմա օդին մէջէն իր թոքերուն մէջ պիտի մտնէին… եւ կը պժգար այլոց մանրէներէն… Կը պժգար նոյնիսկ ամէնէն սրտամօտիկներուն մանրէներէն, մանաւանդ, երբ վերջիններս չէին ընդուներ անոնց մանրէները իրեն վարակած ըլլալնին։ Սկսաւ աւելի շատ արտաշնչել քան ներշնչել։ Շունչը չբաւեց։ Պէտք էր բերանէն չշնչել, քանի որ քիթին մէջի մազերը թոքերը կը պաշտպանեն աւելորդ մանրէներէ՝ վերյիշեց դպրոցական դասերը։ Վստահ չէր, որ քիթին մէջ մազ մնացած էր, հաւանաբար եղունգով ռունգերուն պատերը քերթած ատեն բոլոր մազիկները փետած էր։ Յատուկ սէր ունէր քիթը մաքրելուն մէջ։ Ծածուկ ուրախութիւն մը կը զգար, մանաւանդ որովհետեւ Sinus-ի պատճառով լաւ շունչ առնել չէր գիտեր։

«Քանի մը վայրկեանէն կը հասնիմ, համբերեմ», մտածեց։ 

Քանի մը քայլ անդին երիտասարդ մը նստաւ taxi-ն։ Երկու քայլ ետք երրորդ մը։ «Աստուած ի՜մ, պիտի թխմուինք երեք հոգիով», մտածեց։ 

«Ը՜, ես հոս կ՚իջնեմ, մերսի», ըսաւ ու իջաւ եւ սկսաւ քալել։  

Նկատեց, որ գրելը մոռցած էր։ Կամ ալ մոռցեր էր։ Բայց ամբողջ ընթացքին գրեց պատմութիւնը այն թաղերուն, կոտրած մայթերուն, առջեւը քալող աղջկան մազին հոտին, քովէն անցնող տղուն վախազդու կերպարին… եւ չդիմացաւ ուղեղը այս բոլորէն… Ծայր քաշուեցաւ, հեռախօսը հանեց կանաչ բաճկոնին գրպանէն ու գրեց. «հոգի՛ս, խենդանալիք բան մըն է, Պուրճ Համուտէն Մար Մխայէլ քալեցի արագ-արագ եւ շատ յուզուեցայ… հաւանաբար քանի որ առաջ այդ թաղերը միշտ ալ հետդ քալեր էի, իսկ հիմա որ ղրկածդ մտիկ կ՚ընեմ կոր, մէջս թեթեւ տխրութիւն կայ։ Կը հասկնա՞ս կոր զգացածս. կարծեմ քիչ մը դուն միայն կը հասկնաս…»։

Մտածեց, որ երբեմն շատ արագ կը քալէր ոչ թէ ուշացած ըլլալուն համար, այլ քանի որ չէր հանդուրժեր շուրջի մարդիկը։ Երբեմն առանց յատուկ պատճառի կ՚ատէր մարդիկը, մանաւանդ տղամարդիկը։ Կը գանէր անոնց դէմքէն, մատներէն, առնանդամէն, մանաւանդ՝ երբ անոնց նայելով միայն անոնց առնանդամը պատկերացնէր։ Արագ քալելով փորձեց անոնցմէ հեռու քալել։ «Վայրկեան մը առաջ տուն հասնիմ», մտածեց ու քայլերը արագացուց։

Նկատեց, թէ դրան առջեւ շուք մը կանգ առաւ։«Այո, հրամմէ՛», բարձրաձայնեց գաղտագողի աչքերուն, որոնք առաջին անգամ ըլլալով կ՚իյնային սեմէն ներս։

Նկատեց, որ ան այլեւս չէր երեւեր։ Բայց տակաւին ժամանակ կար։ Թերեւս։

Այսօր ոչ ոք տեսնելու տրամադրութեան մէջն էր։ Դուրս ելաւ։ Հանդիպեցան։ «Ես ալ քովդ կու գայի կոր»։ Մտածեց պահ մը… Վերադարձան դռնէն ներս։

Ձեռքը հետաքրքրական գիրք մը անցաւ։ Էջանշանը զետեղեց էջի մը վրայ։ Քանի մը էջ ետք վերադարձաւ էջանշանին։ Անգամ մըն ալ կարդաց։ Սիրեց։ Լուսապատճէնը հանեց անոնց. «եթէ անգամ մըն ալ գայ, անպայման կու տամ»։ Մատիտը առաւ ու վրան նօթեր առաւ. «Եթէ տամ, անպայման թող կարդայ»։

«Չըլլայ, թէ օր մը հասնի ու իր գիրքերուն մէջ չտեսնէ զիս»։

Ցուցամատին երկայնքով քիթը շոյեց։ Քիթը շոյած ատենը ռունգերէն ներս հոտ մը մտաւ։ Սկսաւ աւելի ներս քաշել շունչը։Կանգ առաւ քիթը շոյելէն։ Արտաշնչեց։ Ցուցամատին եղունքը ռունգին մէջ մտցուց։ «Այո՛, աս հոտն էր…», ըսաւ միտքէն։ Մէկ ռունգէն հանեց միւս ռունգը դրաւ ցուցամատը։ «Ինչ էր եաու աս հոտը՜, շատ ծանօթ է…»։ Չկրցաւ յիշել։ Արդեօք օճարի՞ն հոտն էր, չկրցաւ վճռել։ «Է՜հ, այո, գիտցայ, պօշշշշ…»։ Յիշեց։

Պաղ ջուրը առատօրէն հոսեցուց վէրքին վրայ։ Գիտէր, որ ջուրի տագնապ ունէին, բայց հոգը չէր. վէրքը կ՚այրէր, կը քերուէր։ Օճառով սպունգը աղուոր մը քսեց վէրքին վրայ։ Հաւանաբար խայթուածք է, մտածեց, կամ աղբին հետեւանքով դուրս տուած վէրք. «Էշշէկ երկիր», փսփսաց, մինչ կը շարունակէր գրեթէ քերթել վէրքը։ Ալիքային ազդեցութեամբ մարմինին մնացեալ բջիջները սկսան զգալ այն սուր զգացումը, որ կը ծնէր ցաւին ու հաճոյքին մէջէն։ Այս զգացումը սողաց ոտքէն վեր, վեր ծունկէն, զիստէն անցաւ ու հանգչեցաւ կոնքին շուրջ… Իւրաքանչիւր անգամ, որ սպունգը կ՚անցնէր վէրքին վրայէն, ճնշելով զայն, կոնքին շուրջ կը ծնէր զգացումներու կոյտ մը… Անկարելի էր դադրեցնել քերուըտուքը։ Պաղ ջուրը այլեւս օգուտ մը չունէր տաք ու խոնաւ մարմինի  մը մէջ, երբ ամէն կողմէ կրակ կը հոսէր դէպի դուրս։ Վէրքը միայն կը հանդարտէր երբ շարունակ կը քրքրուէր սպունգով… Այս ինչ dilemma, մտածեց ու շարունակեց քերթել աւելի ուժով մինչեւ հասաւ… մինչեւ արիւնեցաւ…

Կը նկատէ, որ կռնակը ծռած է երկար ժամանակէ ի վեր։ Ողնայարը կը շտկէ։ Ափերը կը միացնէ իրարու մինչ մատները իրար վրայ կը ծալէ ու թեւերը գլոխուն վերեւ բարձրացնելով ափը դէպի վեր կը հրէ։

Stretching

Կը նկատէ դիմացի համակարգիչին ետեւ պահուըտած աշխատողը։ Կը ժպտայ։ Կը մտածէ ու Twitter-ը բանալով կ՚արտայայտուի՝

 

 

//platform.twitter.com/widgets.js

«Ի՜նչ աղուոր է պաղն ու անձրեւը», մտածեց, երբ ծառին կռթնած «ուարա՚ շէմ»ը կը փաթթէր։ Քանի մը ծանր կաթիլներ ինկան գլխուն վրայ։ Ծխախոտը շրթունքներուն մէջ առաւ, գլխարկը գլխուն դրաւ եւ շլիք-շլաքով ամրացուց։

«Կրնամ ամբողջ օր մը հոս անցնել»

«Ինչ աղուոր են մարդիկը ձմեռուան գլխարկով եւ բաճկոնակով»

«Ամա՜, եաւրիկ կատու, հիհի»

«Ո՜ւ, փչած ատենս մուխին հետ պաղ ալ կ՚ելլէ կոր բերանէս»

«Հո՜, հորովել»

«Մէկը սուրճ բերեր նէ ուրախ կ՚ըլլայի»

«փս, փս, փս, փս», կատուն քովը կանչեց։ Քանի մը անգամ շոյեց սեւ մարմինը։ Կատուն կեցած տեղը մարմինը ձգեց, թաթերը առջեւ տարածելով վիզը երկարեց։

«Beware, she’s deceptive», ըսաւ ձայն մը քանի մը քայլ անդիէն։

Գլուխը դարձուց տեսնելու համար ձայնը։ «Yeah, but you cannot not love them», ըսաւ ժպիտով եւ բերնէն դուրս պարուրելով գլանիկին վերջին ծուխը։

Համակարգիչը բացաւ եւ մատները զետեղեց ստեղնաշարին վրայ։

[«على فكرة، your fingers كتير حلوين» (ի միջի այլոց, մատներդ շատ անուշիկ են)։]

Անգամ մը տասը մատներուն նայեցաւ։ Ժպտաց։ Անգիտակցաբար բութամատները շարժեց եւ վերյիշեց այն ժամանակները երբ կը պահէր բութերը բռունցքին մէջ, որպէսզի պահէր անոնց կոշտ ձեւը։

[«إيه بس بعدين تعلمت حبّون» (այո, բայց յետոյ սորվեցայ սիրել զիրենք)]

Յետոյ սփռեց մատները ստեղնաշարին վրայ, որուն հետեւանքով ինքնաբերաբար քանի մը տառ գրուեցաւ համակարգիչին պաստառին վրայ։ Նայեցաւ պաստառին։ Ջնջեց գրութիւնը։ Մէկ կողմ դրաւ համակարգիչը եւ վերցուց հեռախօսը եւ ցուցամատովը կարճ նամակ մը գրեց…