«ըխք»

Փախուստ չկար։ Ծխախոտը հանած էր արդէն, եւ թոքերուն ու կոկորդին ու ակռաներուն եւ լեզուին ու փիս-միկրոպ շրթունքին ամբողջ մանրէները հիմա օդին մէջէն իր թոքերուն մէջ պիտի մտնէին… եւ կը պժգար այլոց մանրէներէն… Կը պժգար նոյնիսկ ամէնէն սրտամօտիկներուն մանրէներէն, մանաւանդ, երբ վերջիններս չէին ընդուներ անոնց մանրէները իրեն վարակած ըլլալնին։ Սկսաւ աւելի շատ արտաշնչել քան ներշնչել։ Շունչը չբաւեց։ Պէտք էր բերանէն չշնչել, քանի որ քիթին մէջի մազերը թոքերը կը պաշտպանեն աւելորդ մանրէներէ՝ վերյիշեց դպրոցական դասերը։ Վստահ չէր, որ քիթին մէջ մազ մնացած էր, հաւանաբար եղունգով ռունգերուն պատերը քերթած ատեն բոլոր մազիկները փետած էր։ Յատուկ սէր ունէր քիթը մաքրելուն մէջ։ Ծածուկ ուրախութիւն մը կը զգար, մանաւանդ որովհետեւ Sinus-ի պատճառով լաւ շունչ առնել չէր գիտեր։

«Քանի մը վայրկեանէն կը հասնիմ, համբերեմ», մտածեց։ 

Քանի մը քայլ անդին երիտասարդ մը նստաւ taxi-ն։ Երկու քայլ ետք երրորդ մը։ «Աստուած ի՜մ, պիտի թխմուինք երեք հոգիով», մտածեց։ 

«Ը՜, ես հոս կ՚իջնեմ, մերսի», ըսաւ ու իջաւ եւ սկսաւ քալել։