Պաղ ջուրը առատօրէն հոսեցուց վէրքին վրայ։ Գիտէր, որ ջուրի տագնապ ունէին, բայց հոգը չէր. վէրքը կ՚այրէր, կը քերուէր։ Օճառով սպունգը աղուոր մը քսեց վէրքին վրայ։ Հաւանաբար խայթուածք է, մտածեց, կամ աղբին հետեւանքով դուրս տուած վէրք. «Էշշէկ երկիր», փսփսաց, մինչ կը շարունակէր գրեթէ քերթել վէրքը։ Ալիքային ազդեցութեամբ մարմինին մնացեալ բջիջները սկսան զգալ այն սուր զգացումը, որ կը ծնէր ցաւին ու հաճոյքին մէջէն։ Այս զգացումը սողաց ոտքէն վեր, վեր ծունկէն, զիստէն անցաւ ու հանգչեցաւ կոնքին շուրջ… Իւրաքանչիւր անգամ, որ սպունգը կ՚անցնէր վէրքին վրայէն, ճնշելով զայն, կոնքին շուրջ կը ծնէր զգացումներու կոյտ մը… Անկարելի էր դադրեցնել քերուըտուքը։ Պաղ ջուրը այլեւս օգուտ մը չունէր տաք ու խոնաւ մարմինի  մը մէջ, երբ ամէն կողմէ կրակ կը հոսէր դէպի դուրս։ Վէրքը միայն կը հանդարտէր երբ շարունակ կը քրքրուէր սպունգով… Այս ինչ dilemma, մտածեց ու շարունակեց քերթել աւելի ուժով մինչեւ հասաւ… մինչեւ արիւնեցաւ…