«Ի՜նչ աղուոր է պաղն ու անձրեւը», մտածեց, երբ ծառին կռթնած «ուարա՚ շէմ»ը կը փաթթէր։ Քանի մը ծանր կաթիլներ ինկան գլխուն վրայ։ Ծխախոտը շրթունքներուն մէջ առաւ, գլխարկը գլխուն դրաւ եւ շլիք-շլաքով ամրացուց։

«Կրնամ ամբողջ օր մը հոս անցնել»

«Ինչ աղուոր են մարդիկը ձմեռուան գլխարկով եւ բաճկոնակով»

«Ամա՜, եաւրիկ կատու, հիհի»

«Ո՜ւ, փչած ատենս մուխին հետ պաղ ալ կ՚ելլէ կոր բերանէս»

«Հո՜, հորովել»

«Մէկը սուրճ բերեր նէ ուրախ կ՚ըլլայի»

«փս, փս, փս, փս», կատուն քովը կանչեց։ Քանի մը անգամ շոյեց սեւ մարմինը։ Կատուն կեցած տեղը մարմինը ձգեց, թաթերը առջեւ տարածելով վիզը երկարեց։

«Beware, she’s deceptive», ըսաւ ձայն մը քանի մը քայլ անդիէն։

Գլուխը դարձուց տեսնելու համար ձայնը։ «Yeah, but you cannot not love them», ըսաւ ժպիտով եւ բերնէն դուրս պարուրելով գլանիկին վերջին ծուխը։