«Պաղ է եղեր հա», մտածեց եւ միայն յետոյ նկատեց, որ ձմեռ է, որ ամիսը նոյեմբեր է, որ 2016-ը շուտով կը հասնի իր աւարտին։ Բաճկոնակին կոճակները կոճկեց։ Մէկ ձեռքը դրաւ բաճկոնակին գրպանը։ Միւս ձեռքը, կրիային գլուխը պատեանին մէջ պահելուն նման բաճկոնակին թեւին մէջ քաշեց։ Պաղէն մարմինը կծկուած կը քալէր, իսկ քայլերը՝ արագ-արագ կ՚առնէր։

Երեկոյեան Մարաշ թաղէն կ՚երթար-կու գար աւելի շատ քան Արաքսէն։ Երեկոները Մարաշ թաղին երակը կ՚եռայ, գործաւորները տուն կ՚երթան եւ ճամբուն վրայ իրենց գնումները կ՚ընեն։ Երեկոները Մարաշ թաղին աղմուկը աւելի շատ մարդոց աղմուկը կ՚ըլլայ, քան մեքենաներուն եւ այդ աղմուկը, մարդոց աղմուկը, զինք կը յուզէ։ Ականջ կու տար ամէն մէկ բառին, որ կը պատահէր ականջին։

«Հալլա՚ ընթօ ժէին մին սուրիյա դա-դըդ՚աթալօ հօ՞ն» այսինքն՝ «Հիմա դուք Սուրիայէն եկեր էք, որ հո՞ս կռուիք»։

Չի կրցաւ զսպել ժպիտը։ Տղամարդ մըն էր, որ երեք պատանիներու կ՚ըսէր։ Պատանիներն ալ դրան սեմին կանգնածներու պէս, մէկ ականջով մտիկ կ՚ընէին մարդուն ըսածը, միւս ականջով կը փորձէին խոյս տալ պախարակումէն։ Քանի մը քայլ ետք ժպիտը անհետացաւ դառն իրականութենէն։ Խորունկ շունչ առաւ։ Պաղը անգամ մը եւս հասաւ ոսկորներուն։