Բազուկներուն մկանները կը պրկուին: Մատները կը թուլնան: Կայծակի արագութեամբ ազդեցութիւնը կը հասնի ականջին ետեւ ու ճնշում կը բանեցնէ ճակատին երկու կողմերուն վրայ: Թուքը կը չորնայ լեզուին վրայ ու ռունքերը կը դադրին շարժիլէ: Շնչակտուր՝ կոպերը լաւ մը կը սեղմէ ու կը սպասէ փոթորիկին հանդարտութեան: Առջեւը՝ պաստառին վրայ, տոմսակներ ձեռք ձեռքի հալայյ կը պարեն: Ակնոցը կը հանէ: Թարթիչները կը չորցնէ: *քլիք* *քլիք* երթուդարձի տոմսակ մը կ’ապահովէ: