Առաջին ազատ ինքնաշարժը կեցուց։ Աւելի ճիշդը, ինքնաշարժը զինք նշմարելուն պէս ղեկը շատ հմուտ կերպով դէպի իր կողմը ուղղեց ու արդէն երկվայրկեան մը ետք առջեւը տնկուեցաւ։ Վարորդը՝ մէկ ձեռքը ղեկին, միւսը vitesse-ին, քիչ մը ծռելով ու առանց խօսելու հարց տուաւ, թէ ուր պիտի երթայ ու յետոյ դարձեալ առանց բառ մը իսկ խօսելու երկուքը հասկցուեցան, որ համաձայնած էր վարորդը զինք փոխադրել ուր որ կ՚ուզէր։

Ընկալուչները տակաւին ականջին մէջ՝ պայուսակը հանեց կռնակէն, նախ ձախ ոտքը մտցուց ինքնաշարժ, ապա նստաւ ու պայուսակը շատ արագ գիրկը դրաւ ու յետոյ անմիջապէս գոցեց դուռը։ Արագ պէտք է ըլլայ service նստած ժամանակ, ապա թէ ոչ մեծ հաւանականութիւն կրնայ ըլլալ, որ ինքնաշարժը քալէ երբ մէկ ոտքը դուրսն է դեռ, կամ պայուսակը ներս չառնէ, եւ կամ լսէ ետեւի ինքնաշարժներուն հայհոյանքը։ Առօրեային մաս կազմող կարեւոր հմտութիւն մըն էր, որ արդէն մեքենաբար գիտէր, եւ գիտէր, որ հարկաւոր էր գիտնալը գոյատեւելու համար։

Նշմարեց, որ հայելիին վրայ եռագոյն դրօշը դրուած էր, իսկ արգելակին վրայ երկու հատ բռնցքամարտիկի ձեռնոց՝ ատ ալ եռագոյն։ Տեսաւ, որ վարորդը հեռաձայնային Whatsapp-ով մը մէկու մը ձայնային կարճ նամակ կ՚ուղարկէր, շուտով ընկալուչները հանեց, որպէսզի լսէ թէ ինչ կ՚ըսէր։ Չհասկցաւ։ Ետ դրաւ ընկալուչները։ Քիչ չանցած դրամապանակէն երկու հազար լիբանանեան ոսկի հանեց ու «հրամմէ» ըսաւ։ Վարորդը անտարբեր ձեւով վերցուց դրամը ձեռքէն, առանց աչքերուն մէջ նայելով, անգամ մը շօշափեց ու երկու անգամ ստուգեց քանի հազար ըլլալը՝ մէ՞կ թէ երկու։ Ինքն ալ շուարեցաւ թէ յանկարծ աւելի վճարած չըլլար հազար ոսկի մը, ու իր աչքերն ալ չհեռացան դրամէն, որ վարորդին ձեռքին մէջ անընդհատ կը շօշափուէր, երբ վարորդը միւս կողմէն ալ դաստակներով ինքնաշարժին ղեկին կը փորձէր տիրապետել։ Քիչ ետք, հարցուց, «ինչպէ՞ս է ձեր ճամբան, շիտա՞կ թէ հոսկէ պիտի դառնաք»։ «Հոսկէ պիտ դառնամ» մռլտաց քիթին տակէն ու դարձուածքին, լճացած ցեխին մէջ կանգ առաւ, առանց բառ մը աւելցնելով, ոչ իսկ յաճախորդին «մերսի»ին պատասխանելով։

 

Բայց Պուրճ Համուտէն Համրա երթալը ճամբորդութիւն մըն էր ինքնին։Վերջերս ճամբան կ՚երկարէր հաճոյքի համար։ Քալելու ժամանակ մէկ կողմէն դիտարկութիւններ կ՚ընէր, մտային նշումներ։ Ատոր համար յաճախ դիմացինին համար անհասկնալի կը ժպտէր։ Միտքէն կատակ մը ըրած կ՚ըլլար։

Ուզեց քիչ մը տաքնալ ու որոշեց բնականէն աւելի քալել։

Պաղին դէմ պաշտպանուած էր շալով մը եւ կռնակի պայուսակով մը։Ականջները ծածկած էր ականջակալերով, որուն մէջէն կը լսուէր Սու՚ատ Մէսսիէն երգեր։ Ժպիտը դէմքին օդերը դիտելով Արագած թաղին կամուրջին տակէն քալեց դէպի Ամանոս։ Թաղին առաջին աջ դարձուածքին սրճեփը իր սուրճը մեքենան արդէն դրած էր ինքնաշարժին տանիքը ու շուրջը յիսուն տարեկանի մօտ մարդիկ հաւաքուած էին ու կը սպասէին իրենց սուրճին։ Միացաւ շարքին ու սուրճ մըն ալ ինքը ապսպրեց։ Մինչեւ սուրճին պատրաստութիւնը Սիտըրզ մը վառեց։ Ստացաւ սուրճը ու հինգ հարիւր լիբանանեան ոսկի վճարելէ ետք, սուրճը ձեռքին շարունակեց քալել։

Կամուրջին տակ քալելը քարտէս կ՚ուզէ մտածեց։ «Այսինքն չի բաւեր կ՚ապականէ եւ աղմուկ կը ստեղծէ ոռի չափ թաղին մէջ մէյ մըն ալ մայթին վրայ միան քաք կայ», ըսաւ միտքէն։ Կամուրջը շինուած օրերուն ինքը Քառասնից մանկանց վարժարան կը յաճախէր։ Քառասուն Մանուկ դպրոցն ալ, որ քանի մը տարիէն արդէն պիտի փակէ դռները ու Միացեալ վարժարանին միանայ, մինչեւ վեցերորդ դասարան ունի։ Չյիշեց ո՛ր թուականներուն, բայց 90-ականներուն վերջերը, 2000-ի սկիզբն էր, երբ կամուրջը կը բարձրանար Աշրաֆիյէէն։ Յիշեց, որ կամուրջի շինութեան տեղը ամբողջութեամբ աւազ կ՚ըլլար եւ միշտ ալ ամառները սանտալներուն մէջէն աւազ եւ աղտ կը մտնէին ամէն անգամ, որ տունին թաղը ուզէր մտնել։ Հիմա աւազի աղտին փոխարէն կամուրջին տակը ամբողջութեամբ շուներու կղկղանքներ կային։ Երբեմն նաեւ մարդոց։ Տղայ մարդոց։ Երբ գետին նայելով ու իքսերով կը քալէր կամուրջին տակէն՝ զգուշանալով կղկղանքներէն, նկատեց, որ կամուրջին սիւներուն բացութիւններուն մէջ ցանցեր շինուած էին։Այդ սիւներուն բացութիւններուն մէջ ատենին անտունիներ կը քնանային, հիմա գոցուած էր ցանցերով՝ արգելք հանդիսանալով մարդոց քունին։ «Այսինքն չի բաւեր տուն տեղ չունին, մէկ ալ ունեցած տարածքնին ալ գրաւեր են», ըսաւ միտքէն ու յետոյ ըսաւ՝ «գոնէ բաղնիք մը ըլլար. բայց ամէն տեղ բաղնիք է, ամէն կամուրջին տակը բաղնիք է»։

Ականջին մէջ Սու՚ատ Մէսսին մէկ հատ հառաչեց…

Պատշգամին բաց դռնէն, պատուհանին ճեղքէն եւ սենեակին կիսաբաց դռնէն ներս փչող հովին հոսանքը թափանցեց մարմինէն ներս ու մտնելով վերմակին տակ հասաւ տաքցած կիսամերկ մարմինին ոսկորներուն ծուծին։ Արեւը արդէն ծագած էր, բայց ձմեռ էր ու ճառագայթները քիչ։ Մտաբերեց, որ որքան շուտ անցած է տարին։ Արդէն մէկ տարին անցած էր ու տարուան անցուդարձերուն գրեթէ ամէն բան տակաւին միտքին մէջ թարմ էր։ Զարմացաւ լաւ յիշողութեան ու լաւ տրամադրութեան համար։Աննախատեսելի էր։ Ժպտաց։ Ցատկեց տեղէն դէպի երազային Համրա։