Արեւը շատոնց մար մտած էր, բայց քարը տակաւին տաքութիւն մը կ՚արձակէր դէպի իր վրան հանգչցած յետոյքներուն վրան։Նստաւ college hall-ին առջեւ գտնուող ծառերէն մէկուն տակ ու թեթեւ ժպիտով մը բարեւեց main gate-ի աստիճաններէն  վեր բարձրացող ընկերներուն, որոնք եւս աւարտելով օրուան գործը (երեւի) համալսարանէն դուրս կ՚ուղղուէին։ Յետոյքին մէջ անցած տաքութիւնը սկսած էր շոյել զգացումները գրգռող յիշողութիւններ երբ հեռաձայնը հնչեց,-

«Hey, we are on our way, where should we meet?»

«Hey, sorry, i’m not going, i’ll see you tomorrow maybe?»

{call ended}